2015-11-16 10:12:00

Հելսինքիի դաշնագիրէն 40 տարիներ ետք` ''Բազմացեղային աշխարհի մը կառավարութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Քառասուն տարիներ անցան Հելսինքիի դաշնագիրէն ու այս առթիւ յառաջիկայ 20 նոյեմբերին, Հռոմի մէջ, նախատեսուած է հաւաք մը որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին՝ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար ու Իտալիոյ երբեմնի  նախարարապետ  Տիար Ռոմանօ Փրոտի։ Ժողովին բնաբանն է. ''Բազմացեղային աշխարհի մը կառավարութիւնը''։ Հաւաքի աշխատանքները տեղի կ՛ունենան 20 եւ 21 նոյեմբեր 2015ին։ Հաւաքը կազմակերպուած է վերակոչելու ամար  Հելսինքիի դաշնագիրի 40 տարիները` Եւրոպայի անվտանգութեան ու համագործակցութեան ի խնդիր։ Ժողովականները պիտի դիմագրաւեն մարդու իրաւունքներու ու կրօնական ազատութեան հայող նիւթերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.